Հայրենի յետսապահ Արսէն Եղիազարեան պայմանագրութիւն մը կնքեց Փերեսվեթ ակումբին հետ, որ ելոյթ կ՛ունենայ Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Նշենք, որ Ուրարտուի սանը նախապէս մաս կազմած է Լոռիի:
Արսէն Եղիազարեան Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է «ԵՒՐՕ-2019»-ին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ. ան յաջողեցաւ կոլի հեղինակ դառնալ` Սպանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին:


