Այսօր` հինգշաբթի, 21 յուլիսին, «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արարատ Արմենիա պիտի մրցի Փայտէ Լիննամիսքոնտի (Էսթոնիա) դէմ, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իսկ օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Դանիայէն:
Նշենք, որ երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար: