Չարենցաւանը ներկայացնող Վան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբէն հեռացան 11 ֆութպոլիստներ:
Անոնց կարգին են` Արման Մելիքսէթեան, Արգիշտի Պետրոսեան, Էրիկ Ազիզեան, Բենիկ Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ եօթը ուրիշներ, որոնք օտարական են:
Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստներուն, որոնք իրենց ամէն կարելին ըրին անոր հետ լաւ արդիւնքի հասնելու համար, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, որ խումբին նոր ֆութպոլիստներուն մասին պիտի յայտարարէ յառաջիկային: