Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երէկ երեկոյեան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկի ախոյեան Տուտելանժը, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Ֆրանսացի 32 տարեկան յառաջապահ Սամիր Հաճի նշանակեց մրցումին միակ կոլը` փենալթիով:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 յուլիսին` Լիւքսամպուրկի մէջ:
Եթէ պատահի, որ Փիւնիկ դուրս մնայ մրցաշարքէն, պայքարը պիտի շարունակէ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մէջ` մասնակցելով Գ. հանգրուանի մրցումներուն: