Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ չի մտածեր վերադառնալ իր նախկին ակումբը` Ռէալ Մատրիտ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, կը խօսուի, որ ան դարձեալ վերադառնայ արքայական ակումբ, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2009-էն 2018:
Մատրիտեան կազմին հետ ան 436 մրցումի ընթացքին նշանակած է 446 կոլ եւ կատարած 131 էսիսթ:
Ռոնալտօ, որ 2021-ի ամրան ընթացքին վերադարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, այդքան ալ գոհ չի թուիր ըլլալ իր կազմէն, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2023:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 30 միլիոն եւրոյով:


