Լեհ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ներկայացուեցաւ իբրեւ քաթալոնական Պարսելոնայի ֆութպոլիստ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս միջոցառումը տեղի ունեցաւ Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ուր Պարսելոնա կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:
Պարսելոնա Պայէրն Միւնիխի նախկին ֆութպոլիստին փոխանցման համար վճարեց 45 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ պիտի վճարէ յաւելեալ 5 միլիոն եւրօ` իբրեւ յաւելավճար:


