Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց խումբի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ:
Այդ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
40 տարեկան ֆութպոլիստը, որ միլանեան խումբին հետ պիտի շարունակէ հանդէս գալ թիւ 11 մարզաշապիկով, այժմ ապաքինման շրջանի մէջ է իր կատարած ծունկի վիրաբուժութենէն ետք:
Անոր վերադարձը ֆութպոլի դաշտեր կ՛ակնկալուի յառաջիկայ նոյեմբերին:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 27 մրցում, նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:


