Չորեքշաբթի, 20 յուլիսը, Ճատրակի միջազգային օր ըլլալով, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը նախաձեռնութիւն կազմակերպեց Քասքատի մէջ:
Նախաձեռնութեան ընթացքին համաժամանակ կազմակերպուած էր մրցումը, որուն ընթացքին երիտասարդ ճատրակ խաղացողները, ինչպէս նաեւ այդ շրջանէն անցնող ճատրակի սիրահար անցորդները, մրցեցան ողիմպիականի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի եւ միջազգային կրանտմասթըր Տիգրան Յարութիւնեանի դէմ:
Ճատրակի միջազգային օրը կը նշուի 1966-էն ի վեր:
Տօնի ստեղծման գաղափարը յղացած է ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ), որ հիմնուած է 20 յուլիս 1924-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:


