«Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի փլէյ օֆի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մոլտովայի ախոյեան Շերիֆ Թիրասփոլը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուեցան Սպանիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Խոսէ Հերնանտես:


