Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտ հրաժարեցաւ ծախել իր սպանացի յառաջապահը` Ալվարօ Մորաթթան:
Նշուեցաւ, որ անգլիական կարգ մը ակումբներ կը փափաքին ձեռք ձգել 29 տարեկան ֆութպոլիստը` փոխան` 45 միլիոն եւրոյի:
Անոր պայմանագրութիւնը սպանական ակումբին հետ իր աւարտին կը հասնի այս տարեշրջանի աւարտին:
Նշենք, որ ան Սպանիոյ ֆութպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումին տուպլէ մը իրագործեց Կեթաֆէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-0):


