Կարինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն 5-րդ օրը, երէկ Հայաստան ապահովեց իր չորրորդ մետալը:
50 քկ դասակարգին մէջ, Տիգրան Յովսէփեան ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, նուազագոյնը ապահովեց պրոնզ մետալ մը:
Իր կարգին, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 40 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Վահրամ Դովլաթբէկեան:
Նշենք, որ անոնցմէ առաջ կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին նաեւ Համեստ Աֆրիկեան (42 քկ) եւ Սամուէլ Սիրամարգեան (66 քկ):
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 20 մարզիկով (15 տղաք եւ 5 աղջիկներ):


