Անգլիացի միլիառատէր Ճիմ Ռետքլիֆ, որ կը նկատուի Անգլիոյ ամէնէն հարուստ անձը, կ՛ուզէ գնել Մանչեսթըր Եունայթըտը, անշուշտ եթէ ակումբը վաճառքի հանուի, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթց»-ը:
Շատ հաւանական է, որ սկզբնական շրջանին ան գնէ ակումբին բաժնետոմսերուն մէկ մասը` նկատի ունենալով, որ Կլէյզըրներու ընտանիքը, որուն կը պատկանի ակումբին բաժնետոմսերուն մեծ մասը, անոնցմէ ոմանք վաճառքի կրնայ հանել:
Նշենք, որ 69 տարեկան Ռետքլիֆ 2019-ին 100 միլիոն եւրոյով գնեց ֆրանսական Նիսը: Անոր կը պատկանի նաեւ զուիցերիական Լոզան ֆութպոլի ակումբը: