Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող 37 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, իր ակումբային արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ունեցաւ իր ամէնէն ձախող մրցումներու շարքը:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան առաջին անգամ ըլլալով ակումբներու ախոյեանութիւններու ընթացքին, յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն կրեց, ինչ որ անոր համար կը նկատուի հակամրցանիշ մը:
Այդ երեք մրցումներուն ընթացքին անոր կազմը իր բերդին մէջ ստացաւ տասը կոլ եւ նշանակեց միայն մէկ կոլ:
Նշենք, որ ան ցարդ չէ կրցած կոլ մը նշանակել Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով:


