Եուվենթուսի նորեկ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիա, Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») Ա. հանգրուանի մրցումին, ստացաւ ձախ ազդրի վնասուածք, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը 10 օրով պիտի բացակայի դաշտերէն. հետեւաբար ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 22 օգոստոսին Սամտորիայի դէմ կատարուելիք Բ. հանգրուանի մրցումին:
Արժանթինցին տարեշրջանի բացման մրցումին (3-0) նշանակեց կոլ մը եւ դարձաւ էսիսթի հեղինակ:
Ան այս ամրան ընթացքին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ Փարիզ Սեն Ժերմենէն միացաւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած կազմին:


