Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, Սինսինաթիի (Միացեալ Նահանգներ) «Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին գծով ունեցաւ անյաջող մեկնարկ մը:
Ան Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-7, 6-4 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց խրուաթ Պոռնա Քորիչէն, որ կը գրաւէ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 152-րդ դիրքը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն Քորիչի մրցակիցը դարձեալ պիտի ըլլայ սպանացի մը` 15-րդ դասուած Ռոպերթօ Պաութիսթա Ակութ: