Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, միջնապահ Նապի Քէյթա իր ելոյթները պիտի շարունակէ Լիվըրփուլի հետ:
Նշուեցաւ, որ Լիվըրփուլ մտադիր չէ ծախել իր ֆութպոլիստը, հակառակ անոր որ կողմերը ցարդ իրարու հետ համաձայնութեան չկրցան գալ նոր պայմանագիրի մը շուրջ: Ներկայիս գործող պայմանագիրը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ ամառ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, միջնապահ Քէյթայով հետաքրքրուած են ֆրանսական քանի մը ակումբներ:


