Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ պրազիլցի Մարսելլօ շատ հաւանական է, որ մօտերս տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին:
Ինչպէս ծանօթ է, 34 տարեկան ֆութպոլիստը հեռացաւ արքայական ակումբէն` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ:
Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած ֆութպոլիստը (25 տիտղոս):


