Ուրուկուէյ, Արժանթին, Փարակուէյ եւ Չիլի պաշտօնապէս առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` միասնաբար հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը:
Վերոնշեալ չորս երկիրներուն կողմէ այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Մոնթեվիտէոյի Սենթենարիօ մարզադաշտին մէջ, ուր Ուրուկուէյ 4-0 արդիւնքով յաղթելով Արժանթինի, տիրացած էր 1930-ի Մոնտիալի տիտղոսին:
«Աշխարհի բազմաթիւ ախոյեանութիւններ թէեւ կ՛ըլլան, սակայն այդ մէկը միայն մէկ անգամ կ՛ըլլայ 100 տարեկան, եւ մրցաշարքը պէտք է վերադառնայ տուն», յայտարարեց Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալեխանտրօ Տոմինկեզ:
Նշենք, որ 2030-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու համար իրենց միացեալ թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ Սպանիա եւ Փորթուգալ:


