Կարինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան երէկ ապահովեց իր 6-րդ մետալը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
57 քկ դասակարգի քառորդ աւարտականի մրցումներուն Ալեն Ստեփանեան, որ մրցեցաւ Սկովտիոյ ներկայացուցիչ Օսքար Սթիլի դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը` Ստեփանեան ապահովեց նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը:


