Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա պատրաստ է 30 միլիոն եւրոյով ծախելու Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը:
Ներկայիս կապոնցի յառաջապահով մօտէն հետաքրքրուած է Չելսին:
Եթէ այս փոխանցումը իրականանայ, Չելսիի սպանացի յետսապահ Մարքոս Ալոնսօ պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 33 տարեկան Օպամեյանկ, որ այս տարուան յունուարին Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ յունիս 2025:


