Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող անուանի պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի նոր ակումբի մը սեփականատէրը դառնալու մեծ կարելիութիւնը ունի, այս մասին յայտնեց ամերիկեան մարզական մամուլը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ը կը ծրագրէ խումբեր ստեղծել Լաս Վեկասի եւ Սիեթըլի մէջ:
Ան, ինչպէս նաեւ երկու այլ անձեր ամէն գնով կը փափաքին դառնալ ակումբի մը սեփականատէրերը:
Նշենք, որ Ճէյմս կը հանդիսանայ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան առաջին գործող մարզիկը, որ յաջողեցաւ շահիլ մէկ միլիառ ամերիկեան տոլար: