Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն շատ հաւանաբար փոփոխութեան ենթարկէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի բացման մրցումին թուականը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ բացման մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 21 նոյեմբերին, հիւրընկալ երկրին` Քաթարի եւ Էքուատորի միջեւ, այժմ պիտի կատարուի 20 նոյեմբերին:
Ըստ օրէնքի, այս որոշումը տրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի եւ աշխարհի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ տեղի ունեցած ժողովէն ետք:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը նախատեսուած էր կայացնել 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր:


