Մարզական

Ասիոյ Պասքեթպոլի 18 Տարեկանէն Վար Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Ասիոյ Պասքեթպոլի 18 Տարեկանէն Վար Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 օգոստոսին, Լիբանանի 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, արձանագրեց 99-83 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան այսպիսով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, Լիբանան այսպիսով ապահովեց նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան...

Ճատրակ.  Հայաստան Վեց Խաղացողով Կը Մասնակցի  Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Խաղացողներուն Յաջող Ելոյթը` 4-րդ Հանգրուանին

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը յաջող էր հայրենի խաղացողներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք պարտութիւն չկրեցին: Գործող ախոյեան Էլինա Դանիէլեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց վրացի Նանա Ցաքնիծէի հետ, 3,5 կէտով յառաջատարներուն կարգին է: Անոնցմէ կէսական կէտով ետ կը մնան Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան: Մկրտչեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց վրացի Լիլէ Քորիծէի հետ, մինչ...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Պարտութիւնը` Լիթուանիայէն

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Պարտութիւնը` Լիթուանիայէն

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կատարուած մրցումին: Նշենք, որ հայրենի կազմը առաջին մրցումին անոր հետ արձանագրած էր 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:  

Պասքեթպոլ.  Տիւրանթ Պիտի Շարունակէ Մաս Կազմել Նեթցի

Պասքեթպոլ. Տիւրանթ Պիտի Շարունակէ Մաս Կազմել Նեթցի

«ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Պրուքլին Նեթց յայտարարեց, որ ակումբին մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ պիտի շարունակէ իր ելոյթներընոր տարեշրջանին ալ: Ակումբին թեքնիք տնօրէնն ու մարզիչը, որոնք քանի մը օր առաջ հանդիպեցան մարզիկին հետ, որոշեցին շարունակել իրենց համագործակցութիւնը: 33 տարեկան Տիւրանթ Նեթցին մաս կը կազմէ 2020-էն ի վեր: Անոր պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 29 յունիս 2026-ին:

Մխիթարեանի Վերադարձը Կ՛ակնկալուի Միլանեան Տերպիին

Մխիթարեանի Վերադարձը Կ՛ակնկալուի Միլանեան Տերպիին

Ինթեր Միլանին մաս կազմող հայրենի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստանալով բացակայեցաւ Սփեցիայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն, յառաջիկայ երկու մրցումներուն եւս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Թէեւ ան փորձերուն կը մասնակցի, սակայն պիտի չկարենայ մասնակցիլ Քրեմոնեզէի  եւ Լացիօ Ռոմայի դէմ կատարուելիք մրցումներուն: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետը պատրաստ պիտի ըլլայ 3 սեպտեմբերին Ա. Սէ. Միլան-Ինթեր Միլան...

Պարսելոնա Մերժեց Չելսիի Առաջարկը

Պարսելոնա Մերժեց Չելսիի Առաջարկը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը  մերժեց լոնտոնեան Չելսիի առաջարկը, որ փափաք յայտնած էր իր կազմին միացնել կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը: Անգլիական ակումբը ֆութպոլիստին համար առաջարկեց 15 միլիոն եւրօ, մինչ Պարսելոնա անոր համար կը պահանջէ 20-25 միլիոն եւրօ: Սակայն Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Զաւի այդքան ալ համամիտ չէ ծախելու Օպամեյանկը:  

Քէյլոր Նաւաս Փարիզ Սեն Ժերմենէն Պիտի Տեղափոխուի Նափոլի

Քէյլոր Նաւաս Փարիզ Սեն Ժերմենէն Պիտի Տեղափոխուի Նափոլի

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող 35 տարեկան բերդապահ Քէյլոր Նաւաս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Նափոլիի հետ: Իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» յայտնեց, որ կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, եւ ան մէկ տարուան համար փոխ պիտի տրուի Նափոլիի: Սեն Ժերմենի ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կաթիէ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին խումբին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ իտալացի Ճիանլուիճի Տոնարումա:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2022-2023 Տարեշրջանին Մեկնարկը Պիտի Տրուի 1 Հոկտեմբերին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 1 հոկտեմբերին: Թէեւ ֆետերասիոնը ախոյեանութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, սակայն ան կը նշէ, որ անոր ազդանշանին տրուելէն սկսեալ խումբերը իրենց մրցումներուն կրնան սկսիլ երկու օտարականով: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ, որմէ ետք պիտի սկսի ֆայնըլ էյթը...

Փիւնիկ Երեւան Մեկնեցաւ Մոլտովա

Փիւնիկ Երեւան Մեկնեցաւ Մոլտովա

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երէկ մեկնեցաւ Մոլտովա: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը «Եուրոփա - Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Մոլտովայի ախոյեան Շերիֆ Թիրասփոլի: Անոնց միջեւ դարձի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին եւ անոր մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ Երեւանի մէջ տեղի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն.  Էլինա Դանիէլեանի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Էլինա Դանիէլեանի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ հունգարացի Զոքա Կաալի դէմ, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը: Դանիէլեան, որ նախորդ տարուան ախոյեանն է, այժմ 3 կէտով կը բաժնէ 1-5-րդ դիրքերը: Լիլիթ Մկրտչեան երկու յաղթանակէ եւ հաւասարութենէ մը ետք այժմ կը բաժնէ 6-16-րդ դիրքերը:...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ռոպերթ Արզումանեան Գլխաւորեց Նոան

Հայկական Ֆութպոլ. Ռոպերթ Արզումանեան Գլխաւորեց Նոան

Երեւանի Նոա ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յատնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին ֆութպոլիստ Ռոպերթ Արզումանեան նշանակուեցաւ կազմի գլխաւոր մարզիչ: 37 տարեկան մասնագէտին նախկին ակումբն էր Ուրարտուն, ուր ան մնաց մարտ 2021-էն մինչեւ  յունիս 2022: Նշենք, որ հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ նախապէս յայտնեցին, որ ան պիտի նշանակուի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Նոայի գլխաւոր մարզիչ:

«Լիկ-1».  Քիլիան Էմպափէ Նշանակեց Ֆրանսայի Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Արագ Կոլը

«Լիկ-1». Քիլիան Էմպափէ Նշանակեց Ֆրանսայի Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Արագ Կոլը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ 2021-ին Ֆրանսայի ախոյեան հանդիսացած Լիլի, արձանագրեց բաւական մեծ յաղթանակ մը, 7-1 արդիւնքով: Մրցումին 8-րդ երկվայրկեանին, Լիոնել Մեսսիի փոխանցումէն ետք, Քիլիան Էմպափէ, որ բացաւ մրցումին հաշիւը, այսպիսով նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի պատմութեան, ինչպէս նաեւ իր ակումբին ամէնէն արագ կոլը: Ան մրցումը աւարտեց հեթրիք մը իրագործելով...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը` Լիվըրփուլի Դէմ

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտի Տարեշրջանի Առաջին Յաղթանակը` Լիվըրփուլի Դէմ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, իրարու դէմ մրցեցան երկրին երկու ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Լիվըրփուլը: Մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Եունայթըտի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը, այսպիսով արձանագրելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` երկու պարտութենէ ետք: Ճէյտըն Սանչօ (16-րդ) եւ Մարքուս Ռեշֆորտ (53-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Մոհամետ Սալահ`...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխի Տպաւորիչ Յաղթանակը` 7-0 Արդիւնքով

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխի Տպաւորիչ Յաղթանակը` 7-0 Արդիւնքով

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պոխումին, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 7-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ (42-րդ եւ 60-րդ` փենալթիով), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (4-րդ), Մաթիաս Տի Լիխթ (25-րդ), Քինկզլի Քոման (33-րդ), Քրիսթիան Կամպոա (69-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Սերժ Կնապրի...

Քազեմիրօ Չորս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Քազեմիրօ Չորս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Ինչպէս ծանօթ է, պրազիլցի փորձառու յետսապահ Քազեմիրօ, նախորդ շաբաթավերջին լքելով իր ակումբը` Ռէալ Մատրիտը, միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, անոր հետ ստորագրելով չորս տարուան պայմանագրութիւն մը, վերջինս յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Նախքան արքայական ակումբէն անոր հեռացումը տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես շնորհակալութիւն յայտնեց 30 տարեկան ֆութպոլիստին եւ զայն պարգեւատրեց յատուկ մետալով մը:...

Թենիս.  Ճոքովիչ Չի Մասնակցիր «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Թենիս. Ճոքովիչ Չի Մասնակցիր «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր մասնակցութիւնը չի բերեր երէկ սկսած «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, որ կ՛աւարտի` 12 սեպտեմբերին: 35 տարեկան Ճոքովիչ հրաժարեցաւ անոր մասնակցելէ` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ կառավարութիւնները կ՛արգիլեն իրենց երկիրը մուտք գործել բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ չեն ստացած:...

Թեքուանտօ-Փումսէյ.  Ալեակ Սարգիս Ախոյեան` Սէուտական Արաբիոյ Աղջկանց Երրորդ Ախոյեանութեան

Թեքուանտօ-Փումսէյ. Ալեակ Սարգիս Ախոյեան` Սէուտական Արաբիոյ Աղջկանց Երրորդ Ախոյեանութեան

Կազմակերպութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ աղջկանց Փումսէյ մարզաձեւի (Թեքուանտօ) երրորդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու: Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ մասնակցելով 12-13 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, յաջողեցաւ իր տպաւորիչ եւ բացառիկ ներկայացումին պատճառով հանդիսանալ ախոյեան: Ան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին լիբանանահայը, որ կը գրաւէ առաջին...

Հայ Կռփամարտիկները Կարինէն Վերադարձան Երեւան

Հայ Կռփամարտիկները Կարինէն Վերադարձան Երեւան

Երէկ` երկուշաբթի, 22 օգոստոսին, Հայաստանի կռփամարտի պատանեկան հաւաքականը  Կարինէն վերադարձաւ Երեւան: Արթուր Մելքումեանի գլխաւորած կազմը իրեն հետ Երեւան բերաւ վեց մետալներ, որոնցմէ երկուքը` ոսկի: Կարնոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացան Համեստ Աֆրիկեան (42 քկ) եւ Սամուէլ Սիրամարգեան (66 քկ): Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Վահրամ Դովլաթբէկեան (40 քկ), Տիգրան Յովսէփեան (50 քկ), Ալեն Ստեփանեան (57 քկ)...

«Եու. Էն. Էֆ.-2».  Միհրան Յարութիւնեան Առաջին Ռաունտին Նաք Աութի Ենթարկեց Իր Մրցակիցը

«Եու. Էն. Էֆ.-2». Միհրան Յարութիւնեան Առաջին Ռաունտին Նաք Աութի Ենթարկեց Իր Մրցակիցը

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան նախորդ շաբաթավերջին յաղթանակ մը արձանագրեց Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած  «ԵՈՒ. ԷՆ. ԷՖ.-2» խառն մենամարտերու մրցաշարքին գծով: 33 տարեկան մարտիկը առաջին իսկ ռաունտին, նաքաութի ենթարկեց ամերիկացի իր մրցակիցը` Տէյվիտ Տուկլասը: Ան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր նախորդ տարուան մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ երրորդ ռաունտին յաղթած էր ամերիկացի Արթուրօ Հերնանտեզին: Նշենք, որ...

Թենիս.  152-րդ Դասուած Պորնա Քորիչ Տիրացաւ Սինսինաթիի Մրցաշարքին

Թենիս. 152-րդ Դասուած Պորնա Քորիչ Տիրացաւ Սինսինաթիի Մրցաշարքին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Սինսինաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Մասթըրզ-1000»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական հանգրուանի մրցումները: Տղոց մրցումներուն, 152-րդ դասուած խրուաթ Պորնա Քորիչ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ տիրացաւ տիտղոսին, աւարտական մրցումին 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասին, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը: 25...

Page 374 of 1280 1 … 373 374 375 … 1,280

Արխիւներ