Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երէկ մեկնեցաւ Մոլտովա:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը «Եուրոփա – Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Մոլտովայի ախոյեան Շերիֆ Թիրասփոլի:
Անոնց միջեւ դարձի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 25 օգոստոսին եւ անոր մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:


