Կազմակերպութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ աղջկանց Փումսէյ մարզաձեւի (Թեքուանտօ) երրորդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու:
Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ մասնակցելով 12-13 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, յաջողեցաւ իր տպաւորիչ եւ բացառիկ ներկայացումին պատճառով հանդիսանալ ախոյեան:
Ան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին լիբանանահայը, որ կը գրաւէ առաջին դիրքը` Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Նշենք, որ Ալեակ Սարգիս, նախորդ տարի նոյն այս մարզաձեւի երկրորդ ախոյեանութեան հանդիսացած էր երկրորդ:
Կը շնորհաւորենք Ալեակն ու անոր ընտանիքը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: