Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ իր մասնակցութիւնը չի բերեր երէկ սկսած «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, որ կ՛աւարտի` 12 սեպտեմբերին:
35 տարեկան Ճոքովիչ հրաժարեցաւ անոր մասնակցելէ` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ կառավարութիւնները կ՛արգիլեն իրենց երկիրը մուտք գործել բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ չեն ստացած:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ նաեւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):


