Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան նախորդ շաբաթավերջին յաղթանակ մը արձանագրեց Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած «ԵՈՒ. ԷՆ. ԷՖ.-2» խառն մենամարտերու մրցաշարքին գծով:
33 տարեկան մարտիկը առաջին իսկ ռաունտին, նաքաութի ենթարկեց ամերիկացի իր մրցակիցը` Տէյվիտ Տուկլասը:
Ան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր նախորդ տարուան մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ երրորդ ռաունտին յաղթած էր ամերիկացի Արթուրօ Հերնանտեզին:
Նշենք, որ «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »-ի մէջ Յարութիւնեան ցարդ կատարած է 7 մենամարտ, արձանագրած վեց յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: