Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Սինսինաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Մասթըրզ-1000»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Տղոց մրցումներուն, 152-րդ դասուած խրուաթ Պորնա Քորիչ ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ տիրացաւ տիտղոսին, աւարտական մրցումին 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասին, որ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
25 տարեկան Քորիչ, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի տիտղոսի մը կը տիրանայ, հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 29-րդ դիրքին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտական մրցումին, անիկա վերջ գտաւ ֆրանսացի Քարոլին Կարսիայի յաղթանակով, որ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց չեխ Փեթրա Քվիթովայի:
28 տարեկան Քարոլին Կարսիա այսպիսով տիրացաւ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին 10-րդ տիտղոսին: