Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պոխումին, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 7-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէ (42-րդ եւ 60-րդ` փենալթիով), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (4-րդ), Մաթիաս Տի Լիխթ (25-րդ), Քինկզլի Քոման (33-րդ), Քրիսթիան Կամպոա (69-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Սերժ Կնապրի (76-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պայէրն ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրընկալեց Վերտըր Պրեմընը, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ասիկա Տորթմունտի պարտութիւնն էր երկու յաղթանակէ ետք:


