Երեւանի Նոա ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յատնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին ֆութպոլիստ Ռոպերթ Արզումանեան նշանակուեցաւ կազմի գլխաւոր մարզիչ:
37 տարեկան մասնագէտին նախկին ակումբն էր Ուրարտուն, ուր ան մնաց մարտ 2021-էն մինչեւ յունիս 2022:
Նշենք, որ հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ նախապէս յայտնեցին, որ ան պիտի նշանակուի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Նոայի գլխաւոր մարզիչ:


