Երէկ` չորեքշաբթի, 24 օգոստոսին, Լիբանանի 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, արձանագրեց 99-83 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան այսպիսով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, Լիբանան այսպիսով ապահովեց նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի:


