Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 1 հոկտեմբերին:
Թէեւ ֆետերասիոնը ախոյեանութեան գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, սակայն ան կը նշէ, որ անոր ազդանշանին տրուելէն սկսեալ խումբերը իրենց մրցումներուն կրնան սկսիլ երկու օտարականով:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ, որմէ ետք պիտի սկսի ֆայնըլ էյթը (երկու խմբակ), ապա` կիսաւարտական, եւ վերջապէս` աւարտական հանգրուանը:


