Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, իրարու դէմ մրցեցան երկրին երկու ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Լիվըրփուլը:
Մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Եունայթըտի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվըրփուլը, այսպիսով արձանագրելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` երկու պարտութենէ ետք:
Ճէյտըն Սանչօ (16-րդ) եւ Մարքուս Ռեշֆորտ (53-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Մոհամետ Սալահ` Լիվըրփուլի կոլը (81-րդ):
Նշենք, որ Լիվըրփուլ, որ ցարդ յաղթանակէ զուրկ է, այժմ ունի միայն երկու կէտ:


