Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ 2021-ին Ֆրանսայի ախոյեան հանդիսացած Լիլի, արձանագրեց բաւական մեծ յաղթանակ մը, 7-1 արդիւնքով:
Մրցումին 8-րդ երկվայրկեանին, Լիոնել Մեսսիի փոխանցումէն ետք, Քիլիան Էմպափէ, որ բացաւ մրցումին հաշիւը, այսպիսով նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի պատմութեան, ինչպէս նաեւ իր ակումբին ամէնէն արագ կոլը:
Ան մրցումը աւարտեց հեթրիք մը իրագործելով (66-րդ եւ 87-րդ):
Անոր խմբակից Նէյմար տուպլէ մը իրագործեց (44-րդ եւ 52-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Լիոնել Մեսսի (28-րդ) եւ մարոքցի Աշրաֆ Հաքիմի (39-րդ):
Հիւրընկալ կազմը իր միակ կոլը նշանակեց 54-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, Քրիսթոֆ Կալթիէի գլխաւորած կազմը ապահովեց առաւելագոյն 9 կէտը, երեք մրցումի ընթացքին նշանակելով 17 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով միայն երեք կոլ:


