Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կատարուած մրցումին:
Նշենք, որ հայրենի կազմը առաջին մրցումին անոր հետ արձանագրած էր 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:


