Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ հունգարացի Զոքա Կաալի դէմ, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Դանիէլեան, որ նախորդ տարուան ախոյեանն է, այժմ 3 կէտով կը բաժնէ 1-5-րդ դիրքերը:
Լիլիթ Մկրտչեան երկու յաղթանակէ եւ հաւասարութենէ մը ետք այժմ կը բաժնէ 6-16-րդ դիրքերը:
Մարիամ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան ունին 2-ական կէտ, իսկ Աննա Սարգսեան` 1,5 կէտ:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը կատարուի 11 հանգրուանով:


