Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը յաջող էր հայրենի խաղացողներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք պարտութիւն չկրեցին:
Գործող ախոյեան Էլինա Դանիէլեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց վրացի Նանա Ցաքնիծէի հետ, 3,5 կէտով յառաջատարներուն կարգին է:
Անոնցմէ կէսական կէտով ետ կը մնան Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Մկրտչեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց վրացի Լիլէ Քորիծէի հետ, մինչ Գէորգեան յաղթեց նետերլանտցի Էլինէ Ռոյպերսին:
2,5-ական կէտ ունին Մարիամ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան:
Մկրտչեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց վրացի Նինօ Պացիաշվիլիի հետ, մինչ Սարգսեան յաղթեց չեխ Նաթաշա Ռիխթերովային:
Սուսաննա Գաբոյեան, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, ունի 2 կէտ:


