Ինչպէս ծանօթ է, պրազիլցի փորձառու յետսապահ Քազեմիրօ, նախորդ շաբաթավերջին լքելով իր ակումբը` Ռէալ Մատրիտը, միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, անոր հետ ստորագրելով չորս տարուան պայմանագրութիւն մը, վերջինս յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Նախքան արքայական ակումբէն անոր հեռացումը տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ակումբին նախագահը` Ֆլորենթինօ Փերես շնորհակալութիւն յայտնեց 30 տարեկան ֆութպոլիստին եւ զայն պարգեւատրեց յատուկ մետալով մը:
Քազեմիրօ 2013-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին, երբ 20 տարեկան էր:
Ան մայրաքաղաքի կազմին հետ տիրացաւ 18 տիտղոսի, ինչ որ կը նկատուի բաւական կարեւոր նուաճում մը:


