Մարզական

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Սվիաթեք Եւ Ժապեր Ապահովեցին  Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սվիաթեք Եւ Ժապեր Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իր աւարտին հասնող տարուան վերջին կրան շլեմի` «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յստակացան աղջկանց աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող մարզիկներուն անունները: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, աշխարհի դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապեր, որ մրցեցաւ 17-րդ դասուած ֆրանսացի Քարոլին Կարսիայի դէմ, արձանագրեց 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ան աւարտականին իր...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան 3-1 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Պալէն

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան 3-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պալէն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ Պալի, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին 27-րդ վայրկեանին, միջնապահ Արտակ Դաշեան թէեւ նշանակեց Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին հաւասարութեան կոլը, սակայն հիւրընկալ խումբը Բ. կիսախաղին նշանակելով երկու կոլ եւս, տարաւ վերջնական յաղթանակը,...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Նիս-Քէօլն Մրցումին Պատահեցան  Անկարգութիւններ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Նիս-Քէօլն Մրցումին Պատահեցան Անկարգութիւններ

Ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Նիս-Քէօլն մրցումին պատահեցան անկարգութիւններ, որոնց պատճառով մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ քիչ մը ուշ: «Ալիանս Ռիվիերա» մարզաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին մեկնարկը տրուեցաւ քիչ մը ուշ, որովհետեւ երկու կազմերուն համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք` թրիպիւններուն մէջ: Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, գերմանացի համակիրներուն «Իւլթրա»-ները փորձեցին ներխուժել Նիսի համակիրներուն բաժինը. համակիրներէն մէկը ինկաւ թրիպիւնէն: Կարգուկանոն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  Բոլոր Մրցումները Յետաձգուեցան

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բոլոր Մրցումները Յետաձգուեցան

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը իր կատարած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք բոլոր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումները յետաձգուեցան Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան պատճառով: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ աւելի ուշ պիտի հրապարակէ յետաձգուած բոլոր մրցումներուն նոր յայտագիրը:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Աշխարհի Առաջին Դիրքին Վրայ Գտնուող  Իկա Սվիաթեք Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Աշխարհի Առաջին Դիրքին Վրայ Գտնուող Իկա Սվիաթեք Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) շարունակուող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Իկա Սվիաթեք ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք 8-րդ դասուած ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ: Լեհ Սվիաթեք կիսաւարտականին պիտի մրցի Արինա Սապալենքայի (Պիելոռուսիա) դէմ: Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ...

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչ`  Յառաջատարներու Կարգին

Ճատրակ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչ` Յառաջատարներու Կարգին

Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի 12 ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած են Սարգիս Սարգսեան, Էմին Օհանեան, Անի Աւետիսեան եւ Մարիամ Մկրտչեան, որոնք արձանագրած են երկու յաջորդական յաղթանակներ: Իրենց արձանագրած այս յաղթանակներուն շնորհիւ անոնք կը գտնուին յառաջատարներուն կարգին: Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 11 հանգրուանով:

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ Յաղթական. Լիվըրփուլ Եւ Ինթեր Միլան Պարտուեցան

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ Յաղթական. Լիվըրփուլ Եւ Ինթեր Միլան Պարտուեցան

Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումները, այս անգամ` Ա. , Բ. , Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ: Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (25-րդ) եւ Տանիլօ Տ'ամպրոսիօ (66-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը...

Քէյրա Ուոլշ` Աղջկանց Ֆութպոլի  Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստը

Քէյրա Ուոլշ` Աղջկանց Ֆութպոլի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլիստը

Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի միջնապահ Քէյրա Ուոլշ, որ Մանչեսթըր Սիթիէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, հանդիսացաւ աղջկանց ֆութպոլի ամէնէն սուղ արժող ֆութպոլիստը: Անոր փոխանցման համար քաթալոնական ակումբը վճարեց 460 հազար եւրօ, ինչ որ կը նկատուի նոր մրցանիշ մը: Նախորդ ամրան ընթացքին մանչեսթըրեան ակումբը թէեւ մերժեց Պարսելոնայի առաջարկը, սակայն ի վերջոյ համաձայն գտնուեցաւ անոր այս փոխանցման` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութեան աւարտին մնացած...

Փոլ Փոկպա Առնուազն Երկու Ամիսով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Փոլ Փոկպա Առնուազն Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ իր ստացած ծունկին վնասուածքին պատճառով ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, առնուազն երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անոր վիրաբուժութիւնը կատարած բժիշկը` Ռոպերթօ Ռոսսի: Ռոսսի ըսաւ, որ Փոկպա երկու ամիս ետք միայն կրնայ ընդհանուր խումբին հետ սկսիլ իր փորձերուն: Ըստ Եուվենթուսի մարզիչին` Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի, ան ֆութպոլիստին խաղադաշտ վերադարձը կ՛ակնկալէ յառաջիկայ տարի`...

Չելսի Համաձայնութեան Եկաւ  Կրեհեմ Փոթըրի Հետ

Չելսի Համաձայնութեան Եկաւ Կրեհեմ Փոթըրի Հետ

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբը համաձայնութեան եկաւ Պրայթընի գլխաւոր մարզիչ, 47 տարեկան անգլիացի Կրեհեմ Փոթըրի հետ, որպէսզի ան ստանձնէ մարզիչի պաշտօնը, այսպիսով փոխարինելով գերմանացի Թոմաս Թուխելը, որ պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Նշուեցաւ, որ ան շուտով պիտի ստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը, մինչեւ յունիս 2025: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պրայթըն...

Լայփցիկ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Լայփցիկ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Գերմանական Լայփցիկ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Մարքօ Ռոզ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ` այսպիսով փոխարինելով իտալացի 36 տարեկան Տոմենիքօ Թետեսքոն, որ իր արձանագրած քիչ մը ձախող արդիւնքներուն պատճառով կորսնցուց իր պաշտօնը: 45 տարեկան գերմանացի Ռոզ եւ Լայփցիկ ստորագրեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2024: Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, Ռոզ նախապէս գլխաւորած...

Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար Խումբը  Հանդիսացաւ Երրորդ

Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցաշարք. ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար Խումբը Հանդիսացաւ Երրորդ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի բարեկամական մրցաշարքը վերջ գտաւ 30 օգոստոս 2022-ին: Մրցումները տեղի ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ, ուր տիրողը եղաւ մարզական ոգին` մասնակցող խումբերուն մարզիկներուն միջեւ: Մրցաշարքին աւարտին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները գրաւեցին 3-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ-ի 18 տարեկանէն վար խումբը կազմուած էր հետեւեալ մարզիկներէն. Ճէովանի Տօներեան,...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ապահովեց Կրան Շլեմի Մը Մրցաշարքին  Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովեց Կրան Շլեմի Մը Մրցաշարքին Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 31-րդ, երէկ բաւական կարեւոր իրագործում մը յաջողեցաւ կատարել, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: 26 տարեկան Խաչանով, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հասնի կրան շլեմի...

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Յաղթեց Քոսովոյին

Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Յաղթեց Քոսովոյին

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Քոսովոյի իր հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեց յաղթանակ մը: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, որմէ ետք հայրենի կազմը փենալթիներով արձանագրեց 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր...

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Հաւաքականը  Իր Ելոյթները Աւարտեց Այլ Պարտութեամբ Մը

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Հաւաքականը Իր Ելոյթները Աւարտեց Այլ Պարտութեամբ Մը

Աշխարհի աղջկանց Մոնտիալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց, երբ իր կատարած վերջին մրցումին Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Պելճիքան: Հայրենի կազմը այս մրցումին կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` 7-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0): Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը զտումի իր մրցումները աւարտեց վերջին դիրքին վրայ` իր կատարած 10 մրցումներուն ընթացքին նշանակելով կոլ մը միայն եւ իր բերդին...

Քովալենքօ Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Քովալենքօ Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ռուսական Քրիլիա Սովեթովի միջնապահ Ալեքսանտր Քովալենքօ պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ` մաս կազմելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Ցարդ անորոշ է, որ արդեօք ան պիտի ընդառաջէ՞ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին այս հրաւէրին` նկատի ունենալով, որ հայկական մարզական մամուլին համաձայն, ան միեւնոյն ժամանակ ալ հրաւիրուած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքական: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի լրատուական բաժանմունքի պատասխանատու...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտի, Փարիզ Սեն Ժերմենի  Եւ Մանչեսթըր Սիթիի Յաղթական Մեկնարկը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտի, Փարիզ Սեն Ժերմենի Եւ Մանչեսթըր Սիթիի Յաղթական Մեկնարկը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր սկսաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2022-2023 տարեշրջանը, որուն Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան խմբակներու դրութեամբ: Տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին հիւրը եղաւ սկովտիական Սելթիքին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Արքայական ակումբին կոլերը նշանակեցին Վինիսիուս Ժունիոր (56-րդ), Լուքա Մոտրիչ (60-րդ) եւ Էտեն Հազար (77-րդ): Մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը ապահովեց նաեւ Փարիզ...

Պենզեմա Մինչեւ  Այս Ամսուան Վերջը Բացակայ

Պենզեմա Մինչեւ Այս Ամսուան Վերջը Բացակայ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ նախանցեալ օր Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») վնասուածք ստացաւ, մինչեւ այս ամսուան վերջը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ ան պիտի բացակայի Մայորքայի, Լայփցիկի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն, ինչպէս նաեւ այս ամսուան վերջը Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք մրցումներէն: Կ՛ակնկալուի, որ ան...

Չելսի Պաշտօնանկ Ըրաւ  Թոմաս Թուխելը

Չելսի Պաշտօնանկ Ըրաւ Թոմաս Թուխելը

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը, երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ, գերմանացի Թոմաս Թուխելը: Անգլիական ակումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պատասխանատուները եկան այն եզրակացութեան, որ ֆութպոլի մասնագէտին պաշտօնազրկումը ներկայ դրութեամբ լաւագոյն որոշումն է` փրկելու համար խումբին իրավիճակը: Ասիկա բնականաբար հետեւանք է Չելսիի կրած պարտութեան` Տինամօ Զաղրեպէն (1-0), «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 49...

Պոլոնիա Պաշտօնանկ Ըրաւ  Իր Մարզիչը

Պոլոնիա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ («Քալչիօ») հանդէս եկող խումբերէն Պոլոնիա յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին գլխաւոր մարզիչը` Սինիսա Միհայլովիչը, անոր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես: Ան ակումբին մարզիչ նշանակուած էր 2019-ին: Ներկայ դրութեամբ Պոլոնիա կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 16-րդ դիրքը: 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պոլոնիա, որ ցարդ յաղթանակ չէ կրցած ապահովել, արձանագրած է երեք հաւասարութիւն եւ կրած երկու պարտութիւն: Ըստ...

Page 368 of 1280 1 … 367 368 369 … 1,280

Արխիւներ