Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը իր կատարած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք բոլոր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումները յետաձգուեցան Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան պատճառով:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ աւելի ուշ պիտի հրապարակէ յետաձգուած բոլոր մրցումներուն նոր յայտագիրը: