Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի միջնապահ Քէյրա Ուոլշ, որ Մանչեսթըր Սիթիէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, հանդիսացաւ աղջկանց ֆութպոլի ամէնէն սուղ արժող ֆութպոլիստը:
Անոր փոխանցման համար քաթալոնական ակումբը վճարեց 460 հազար եւրօ, ինչ որ կը նկատուի նոր մրցանիշ մը:
Նախորդ ամրան ընթացքին մանչեսթըրեան ակումբը թէեւ մերժեց Պարսելոնայի առաջարկը, սակայն ի վերջոյ համաձայն գտնուեցաւ անոր այս փոխանցման` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութեան աւարտին մնացած էր միայն մէկ տարի:
Նշենք, որ 25 տարեկան Ուոլշ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ֆութպոլի 2022-ի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Ան Անգլիոյ հետ ընդամէնը կատարած է 50 մրցում: