Գերմանական Լայփցիկ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Մարքօ Ռոզ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ` այսպիսով փոխարինելով իտալացի 36 տարեկան Տոմենիքօ Թետեսքոն, որ իր արձանագրած քիչ մը ձախող արդիւնքներուն պատճառով կորսնցուց իր պաշտօնը:
45 տարեկան գերմանացի Ռոզ եւ Լայփցիկ ստորագրեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2024:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, Ռոզ նախապէս գլխաւորած է աւստրիական Լայփցիկը, ինչպէս նաեւ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտն ու Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը:
«Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Լայփցիկ 5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը: