 Աշխարհի աղջկանց Մոնտիալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց, երբ իր կատարած վերջին մրցումին Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Պելճիքան:
Աշխարհի աղջկանց Մոնտիալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց, երբ իր կատարած վերջին մրցումին Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Պելճիքան:
Հայրենի կազմը այս մրցումին կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` 7-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0):
Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը զտումի իր մրցումները աւարտեց վերջին դիրքին վրայ` իր կատարած 10 մրցումներուն ընթացքին նշանակելով կոլ մը միայն եւ իր բերդին մէջ ստանալով 17 կոլ:
Խմբակին առաջին դիրքը գրաւեց Նորվեկիա` 28 կէտով:
 
			

