Ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Նիս-Քէօլն մրցումին պատահեցան անկարգութիւններ, որոնց պատճառով մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ քիչ մը ուշ:
«Ալիանս Ռիվիերա» մարզաշտին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին մեկնարկը տրուեցաւ քիչ մը ուշ, որովհետեւ երկու կազմերուն համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք` թրիպիւններուն մէջ:
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, գերմանացի համակիրներուն «Իւլթրա»-ները փորձեցին ներխուժել Նիսի համակիրներուն բաժինը. համակիրներէն մէկը ինկաւ թրիպիւնէն:
Կարգուկանոն հաստատելու համար ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազեր օգտագործեց` անկարգապահները ցրուելու նպատակով:
Անոնց միջեւ այս հանդիպումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: