Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբը համաձայնութեան եկաւ Պրայթընի գլխաւոր մարզիչ, 47 տարեկան անգլիացի Կրեհեմ Փոթըրի հետ, որպէսզի ան ստանձնէ մարզիչի պաշտօնը, այսպիսով փոխարինելով գերմանացի Թոմաս Թուխելը, որ պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Նշուեցաւ, որ ան շուտով պիտի ստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը, մինչեւ յունիս 2025:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պրայթըն 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Փոթըր Պրայթընը կը գլխաւորէ մայիս 2019-էն ի վեր: