Լայփցիկի Մարզիչը Պաշտօնազրկուեցաւ
Գերմանական Լայփցիկ ֆութպոլի խումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Տոմենիքօ Թետեսքոն: Անոր կազմը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ նախանցեալ օր կրեց 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը իր հիւրէն` Շախտիոր Տոնեցքէն: Ըստ գերմանական մարզական մամուլին, Պորուսիա Տորթմունտի նախկին գլխաւոր մարզիչը` Մարքօ Ռոզ, շատ հաւանաբար ստանձնէ անոր պաշտօնը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լայփցիկ այժմ 5...




















