Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումները, այս անգամ` Ա. , Բ. , Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ:
Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (25-րդ) եւ Տանիլօ Տ’ամպրոսիօ (66-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Նոյն խմբակին մէջ (Գ.) Պարսելոնա 5-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Վիքթորիա Փլզենին:
Յաղթական կազմէն հեթրիք մը իրագործեց լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (34-րդ, 45+3-րդ եւ 67-րդ), մինչ Ուսման Տեմպելէ կատարեց երկու էսիսթ:
Սակայն Լիվըրփուլ կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը Նափոլիի դաշտին վրայ, 4-1 արդիւնքով:
Այլ մրցումի մը, Թոթենհամ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Մարսէյի, որ Բ. կիսախաղին մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը իրենց երկրորդ մրցումը պիտի կատարեն շաբաթ մը ետք: