Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ նախանցեալ օր Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») վնասուածք ստացաւ, մինչեւ այս ամսուան վերջը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ ան պիտի բացակայի Մայորքայի, Լայփցիկի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն, ինչպէս նաեւ այս ամսուան վերջը Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք մրցումներէն:
Կ՛ակնկալուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ 2 հոկտեմբերին եւ իր մասնակցութիւնը բերէ Օսասունայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
Նշենք, որ «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն ան չորս մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է երեք կոլ:


