«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ Պալի, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին 27-րդ վայրկեանին, միջնապահ Արտակ Դաշեան թէեւ նշանակեց Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին հաւասարութեան կոլը, սակայն հիւրընկալ խումբը Բ. կիսախաղին նշանակելով երկու կոլ եւս, տարաւ վերջնական յաղթանակը, 3-1 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պալ այժմ կը գրաւէ Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ նոյն այս խմբակին մէջ տեղի ունեցած Սլովան Պրաթիսլաւա-Զալկիրիս Վիլնիուս մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը 15 սեպտեմբերին պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովանը, ժամը 20:45-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Ա. Էս. Ռոմա: