ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի բարեկամական մրցաշարքը վերջ գտաւ 30 օգոստոս 2022-ին:
Մրցումները տեղի ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ, ուր տիրողը եղաւ մարզական ոգին` մասնակցող խումբերուն մարզիկներուն միջեւ:
Մրցաշարքին աւարտին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները գրաւեցին 3-րդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի 18 տարեկանէն վար խումբը կազմուած էր հետեւեալ մարզիկներէն.
Ճէովանի Տօներեան, Կարէն Կապուտակեան, Վարագ Պալապանեան, Սէրուժ Աւետիսեան, Նազօ Շահինեան, Արմէն Գայմագեան, Էտի Պուսթանի, Քրիստափոր Աբրահամեան, Միհրան Պէրպէրեան, Գէորգ Գէորգեան եւ Շահան Նաճարեան:


